2009-07-26 13:43:56

Քահանայական տարի – Քահանան` Աղօթք, Կիրակի երեկոյին


Քահանայական տարի – Քահանան` Աղօթք, Կիրակի երեկոյին



Պայքարող Քրիստոնեաները պահանջկոտ են իրենց քահանային հանդէպ։ Իրաւունք ունին։ Բայց պէտք է գիտնան, թէ տաժանելի է քահանայ ըլլալ։ Ան որ ինքզինք ընծայեց իր երիտասարդութեան վեհանձն տարիքին մէջ, կը մնայ սակայն մարդ, եւ ամէնօր մարդը իր մէջ՝ կը ջանայ ետ առնել ինչ որ նախապէս յանձնած էր։ Յարատեւ պայքար մըն է այս, մնալու համար ամբողջութեամբ տրամադիր Քրիստոսի եւ ուրիշներուն։

Քահանան պէտք չունի գովասանքի կամ շփոթում տուող նուէրներու։

Ան պէտք ունի որ Քրիստոնեաները, եւ յատուկ կերպով անոնք, որոնց հոգը ստանձնած է, իրար աւելի սիրելով, փաստեն թէ ինք զուր տեղ չէ զոհած իր կեանքը։ Եւ քանի որ մարդ կը մնայ ինք, կրնայ մերթ պահանջքը զգալ անշահախնդիր բարեկամութեան մը նուրբ ժեստին, Կիրակի երեկոյ մը, երբ ինք առանձին է։



՚Ետեւէս եկուր եւ քեզ մարդերու որսորդ պիտի ընեմ՚։ (Մարկ. Ա.17)



՚Ո՜չ թէ դուք ընտրեցիք զիս, այլ ես ընտրեցի ձեզ եւ սահմանեցցի որ երթանք ու պտղաբեր ըլլաք, եւ ձեր պտուղը տեւական ըլլայ՚։ (Յովհ. ԺԵ. 16)



՚Անցած ճամբաս մոռցած եմ, ու գալիքին կ՚անձկամ։ Նպատակիս կը փութամ ստանալու համար Աստուծոյ կողմէ նշանակուած մրցանակը երկնքի մէջ, Յիսուսի Քրիստոսի անունով՚։ (Փիլիպ. Գ. 13-14)








All the contents on this site are copyrighted ©.